ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Ծաղկազարդը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Նկատի ունենալով, որ հայր սուրբը ուսման համար կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ տօնական շրջանին համար վերադարձած է քաղաքս, թաղեցի հաւատացեալներուն տեսակէտէ հոգեւոր ուրախութեան առիթ եղաւ վերագտնել զինքը։

Արարողութիւններէն վերջ հաւատացեալները ստացան ձիթենիի ճիւղեր։

Յետմիջօրէին ալ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022