ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ 26-ՐԴ «ՌՈՒԲԷՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ» ՊԱՍՔԷԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԵՐԷԿ ՍԿՍԱՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Ե­րէկ, Սա­մա­թիոյ մէջ սկսաւ միջ­միու­թե­նա­կան 26-րդ «Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեան» պաս­քէթ­պո­լի մրցա­շար­քը։ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան եւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան խում­բե­րուն մի­ջեւ։ Թուր­քիոյ Պաս­քէթ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պուի այս մրցա­շար­քը, որ ա­ռա­ջին իսկ պա­հէն սկսեալ մար­զա­սէր­նե­րու հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ։ Ար­սէն Գո­վա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը ա­ռա­ւե­լա­գոյն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ կ՚աշ­խա­տի, որ­պէս­զի ա­մէն ինչ ըն­թա­նայ պատ­շա­ճու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ։ 
Հարկ է նշել, որ այս մրցա­շար­քի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան գծով հո­վա­նա­ւո­րը կը հան­դի­սա­նայ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը։ 
Միջ­միու­թե­նա­կան 26-րդ «Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեան» պաս­քէթ­պո­լի մրցա­շար­քը պի­տի տե­ւէ շուրջ մէ­կու­կէս ա­միս։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015