ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Կը տեղեկանանք, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ այսօր կը գտնուի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ան Անգարա մեկնած է՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրի մը ընդառաջ։ Այսօր Սիմոն Չեքէմ ժամադրութիւն մը ունի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնին հետ։

Համայնքային շրջանակներէն ներս Սիմոն Չեքէմի այս այցելութիւնը արդէն ստեղծած է լայն արձագանգ։ Տեսակցութեան արդիւնքներուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ՝ հաշուի առնելով, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին շուրջ վերջին շրջանին ստեղծուած է լուրջ բանավէճի մը մթնոլորտը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2020