«ԱՒՐՈՐԱՅԻ ԱՂՕԹՔԸ»

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ, որու արուեստը միշտ լայն տարածում կը գտնէ եւ համատարած ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ, ներկայիս հանդէս կու գայ համայն աշխարհին ուղղեալ խաղաղութեան ու արդարութեան կոչով։ Աշխարհի վրայ մոլեգնող պատերազմներու եւ ցեղասպանութիւններու համայնապատկերին վրայ ան խիստ անհրաժեշտ համարած է խաղաղութեան եւ մարդասիրական գաղափարներու դրսեւորումները գեղարուեստի մէջ։ Այս տրամադրութիւններով ան երաժշտասէրներու դատին յանձնեց «Աւրորայի աղօթքը» երգը։ Այս գործը երաժշտութեան լեզուով աղօթք մըն է, որ ուղղուած է Տիրամօր՝ բոլոր պատերազմներու մէջ որբացած անմեղ մանուկներու համար, որոնք բոլորէն աւելի շատ կը կրեն հետեւանքները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս երգի հիման վրայ նկարահանուած է նաեւ տեսահոլովակ մը, որ երէկ Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ մամլոյ սպասաւորներուն։ Լրագրողները հնարաւորութիւն ունեցան զրուցելու թէ՛ Սիպիլի եւ թէ ստեղծագործական կազմի անդամներուն հետ։

Երգի հեղինակն է Յասմիկ Հախվերթեան։ Տեսահոլովակի բեմադրիչն է Հրանդ Մովսիսեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021