ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ նախընթաց օր զգուշացման նամակ մը ուղարկուած է Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։ Լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ստորագրութեամբ ուղարկուած նամակին մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Համացանցային միջոցներէն եւ Աթոռիս հասած բանաւոր դժգոհութիւններէն տեղեակ դարձանք, թէ խորհուրդդ եկեղեցւոյ շրջափակը տրամադրած է հար-սանեկան խրախճանքի մը։ Այս մասին գրաւոր կամ բերանացի ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցած էք նաեւ Պատրիարքական Աթոռին։ Կու գանք յիշեցնել, թէ եկեղեցւոյ վերին իշխանութիւնը Պատրիարքական Աթոռն է եւ խորհուրդդ ժամանակաւոր մատակարարն է այդ հաստատութեան։ Ոչ մէկ պատճառ կրնայ արդարացնել սրբավայրի մը շրջափակը անվայել զուարճահանդէսի վերածելու ձեր մերձեցումը՝ ի բաց թողլով վայել նպատակներու համար եղած յատկացումները։ Միւս կողմէ, պէտք է նկատի ունենաք, թէ եկեղեցւոյ շրջափակը հասանելի է հանրութեան եւ ի տես հասարակութեան կատարուած է սոյն խրախճանքը։ Այսու գրիւ կը հաղորդենք պատուարժան խորհրդոյդ անդամներուն, թէ միանգամընդմիշտ կը դադրեցնէք նման յատկացումներ եւ ձեր գիտակցութիւնը կը վերականգնէք եկեղեցւոյ վարիչ ըլլալու գծով եւ անախորժ ընթացքի տեղի չէք տար յետ այսու»։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019