ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ յիշատակութիւն մը։ Այսպէս, երէկ կղզիի բարձունքին Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Յաւարտ արարողութեան, պատարագիչ հայր սուրբը այցելեց հոգելոյս Տ. Դիոնէսիոս Ա. Քհնյ. Ճիզմէճեանի շիրիմը։ Վախճանեալը կ՚ընդունուի՝ որպէս Գնալը կղզիի հայոց նահապետ, որովհետեւ եղած է անձնդիր կրթական մշակ մը եւ լուրջ նպաստ բերած՝ կղզիի երբեմնի Ներսէսեան վարժարանի գործունէութեան։ Հայր սուրբը աղօթեց հոգելոյս քահանայ հօր հանգստութեան համար։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին վերյիշուեցաւ նաեւ՝ նոյնպէս Գնալը կղզիի բնակիչ նորոգ հանգուցեալ մամլոյ սպասաւոր Կարօ Համամճեան, որ մօտաւոր անցեալին քորոնաժահրի համաճարակին զոհ գացած էր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021