ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները։ Սիրոյ սեղանին մասնակցեցան նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Թաղային խորհուրդը մեծ աշխատանք տարած էր՝ առկայ դժուարին պայմաններու ներքեւ դպրոցին համար առաւելագոյն աջակցութիւնը ապահովելու համար համայնքային շրջանակներէ։

Այս տարուայ մատաղօրհնութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ Գումգաբուի ընտանիքը իր երախտագիտութիւնը արտայայտէ Ալճալ ընտանիքի նկատմամբ։ Արդարեւ, Ալճալները վերջին շրջանին լուրջ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Պէզճեան Մայր վարժարանին, ուր «Մարին Ալճալ» համակարգիչի եւ ռոպոթիք քոտաւորման դասարանը ստեղծուած է անոնց նուիրատուութեամբ։ Դպրոցէն ներս այլ ծրագիրներ ալ կեանքի կոչուած են այս ընտանիքի ջանքերով։ Մայր վարժարանի ի նպաստ վերջին շրջանին միջոցներ ապահովուած է նաեւ Շանթ Իշճանի կողմէ։ Ուստի, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը Ալճալ ընտանիքին եւ Շանթ Իշճանին համար պատրաստած էր յուշանուէրներ, որոնք երէկ «Պէզճեան» սրահին մէջ յանձնուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021