ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔԻ ՍԵՄԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեանն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։ Յառաջիկայ 21 նոյեմբերին պիտի նշուի Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 155-րդ տարեդարձը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գալֆաեան ուխտի հիմնադիրներու եւ անդամուհիներու ոգեկոչման զուգահեռ, այս փուլին նախատեսուած է նաեւ դպրոցի համար տարեկան նուիրահաւաքը։ Խնամակալութեան ներկայացուցիչները կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական  հանդիսութիւններուն ընդառաջ խմբագրատունս այցելեցին՝ հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար դպրոցի ընդհանուր կացութեան եւ կարիքներուն շուրջ։

Տանիէլ Անթիքաճեան եւ Յարութիւն Շէշէթեան զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ այս տարի Գալֆաեանի մէջ 53 աշակերտ կ՚ուսանի։ Գիշերօթիկներու թիւն է 13։ Պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս առանձնայատուկ առաքելութեամբ կրթօճախ մըն է այս մէկը, որու գործունէութիւնը բնականոն ընթացքի մէջ կը շարունակուի։

Ըստ խնամակալներու բացատրութիւններուն, Գալֆաեան Տան պիւտճէի բացը այս տարի 1 միլիոն 400 հազար լիրայի սահմաններու շուրջ է։ Այս տարուան պայմաններով, բաղդատմամբ մեր ուրիշ վարժարաններու կացութեան, Գալֆաեան Տան պիւտճէի բացը յարաբերաբար աւելի նուազ է։ Սա, ըստ էութեան, անցեալ տարուայ՝ համավարակով պայմանաւորուած բացառիկ իրադարձութիւններու շարունակութիւնն է։ Արդարեւ, համավարակի հետեւանքով անցեալ տարի դպրոցները փակ էին, նոյնպէս Գալֆաեանը։ Դպրոցի տղաքը հեռավար դրութեամբ հետեւեցան ծրագրին։ Ծանօթ է, որ մեր համայնքի բաւական համեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակները կը յաճախեն Գալֆաեան։ Խնամակալութիւնը ամէն միջոց ի գործ դրած է, որպէսզի տղաքը անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ կապի միջոցներով օժտուին՝ բնականոն ձեւով հեռավար կրթութեան հետեւելու նպատակով։ Այս ուղղութեամբ կաղացումներ գրեթէ չեն եղած։ Հեռավար կրթութեան շրջանին, բնականաբար, դպրոցի ննջարանի բաժինն ալ մնացած է փակ։ Նոյնպէս համավարակի բացառիկ դժուարութիւններու յաղթահարման նպատակով պետութիւնը միջոցներ յատկացուցած է կրթական հաստատութիւններուն։ Այս բոլորին շնորհիւ Գալֆաեան Տան պիւտճէի բացը այս տարի յարաբերաբար աւելի նուազ մակարդակի վրայ է։

Խնամակալութեան անդամները երէկուան հանդիպման ընթացքին դիտել տուին, որ բոլոր ջանքերը կը գործադրուին դպրոցի գործունէութիւնը կայուն հունի մէջ պահելու, նաեւ հաստատութեան կալուածներն ու միջոցները առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ արժեւորելու նպատակով։ Անոնք համայնքային շրջանակներուն կոչ ուղղեցին, որպէսզի հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դառնայ բացառիկ առաքելութեամբ մեր այս կրթօճախը, որ մերօրեայ սերունդներուն ուսում ջամբելու առընթեր կը խորհրդանշէ բազում արժէքներ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021