Պալեաններու Վերյիշում

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ վեր­ջերս Իս­թան­պու­լի զա­նա­զան թա­ղե­րուն մէջ կա­տա­րե­ցին յատ­կան­շա­կան պտոյտ մը՝ վեր­յի­շե­լով Պա­լեան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը։ Ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­նե­րու այս համ­բա­ւա­ւոր գեր­դաս­տա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հետ­քե­րուն հե­տե­ւե­ցան ա­նոնք, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ի­րենց ու­սուց­չու­հի­նե­րուն՝ Նաժ­տա Տէ­միր­ճիօղ­լուի եւ Թա­մար Ման­կա­սա­րի։ Տղա­քը ի­րե­րա­յա­ջորդ այ­ցե­լե­ցին զա­նա­զան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու մէջ Պա­լեան­նե­րու կող­մէ կա­ռու­ցուած Սկիւ­տա­րի Սէ­մէր­ճեան Ճե­մա­րան եր­բեմ­նի դպրո­ցի շէն­քը (այժմ՝ Գալ­ֆաեան), Պա­լեան գեր­դա­սա­տա­նի Սկիւ­տա­րի դամ­բա­րա­նը, Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին, Տոլ­մա­պահ­չէի, Չը­րա­ղա­նի եւ Պէյ­լէր­պէ­յիի պա­լատ­նե­րը, Տոլ­մա­պահ­չէի մզկի­թը, Ըհ­լա­մու­րի ա­պա­րան­քը եւ Սե­լի­մի­յէի զօ­րա­նո­ցը։

Այս պտոյ­տը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի ա­շա­կերտ­նե­րը ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մեն Պա­լեան­նե­րու ճար­տա­րա­պե­տու­թեան շուրջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015