ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ

Պէյօղլուի ընտանիքը Ամանորի ընդառաջ Էսաեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսով մը հիւրընկալեց համայնքային շրջանակները։ Շաբաթավերջին բացուեցաւ քէրմէսը, որ իր աւարտին կը հասնի այսօր։ Բացումին աղօթք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի ընտանիքի վարիչներն ու Էսաեան վարժարանի պատասխանատուները։ Քէրմէսը կազմակերպուած է՝ Արուս Էօզպաղի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութեան եւ Նատիա Զիւլէմեանի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբի համատեղ ջանքերով։

Այցելուներու շարքին էին Զափիոն յունաց վարժարանէն պատասխանատուներ եւ հիւրեր։ Տօնավաճառի բոլոր այցելուները հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Ամանորի շրջանին բնորոշ իրեղէններուն նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023