ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ համակուած էր աւանդական բաժակի օրուան առթիւ։ Շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը տեղի ունեցաւ դպրոցին մէջ։ Զանազան սերունդներէ կեդրոնականցիներ ապրեցան իրենց պաշտելի վարժարանի երդիքին տակ հերթական անգամ համախմբուելու հրճուանքը։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ խնամակալութեան անդամներէն Արտա Էրօղլուի։ Վարժարանի վերջին՝ 2022-2023 տարեշրջանի ընթացաւարտները բոլորին կողմէ ջերմօրէն շրջապատուեցան։ Յայտագրին տեւողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ խնամակալութեան փոխ-ատենապետ Պօղոս Չալկըճըօղլու։

Ժամը ճիշդ 13.30-ին արդէն բաժակի պահն էր եւ այս փուլին երիցագոյն կեդրոնականցին՝ Կարպիս Պալմումճու եւ կրտսերագոյնը՝ Արաս Պաքըրճըօղլու հանդէս եկան բաժակներ ի ձեռին։ Բոլոր կեդրոնականցիները բաժակ բարձրացուցին իրենց վարժարանին եւ սաներուն ի պատիւ։

Յաջորդաբար մեծարուեցան յոբելեար շրջանաւարտները։ 1998 թուականի ընթացաւարտները, որոնք իրենց 25-ամեակը կը նշէին, յուշանուէրներ ստացան՝ ձեռամբ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանի։ 1973 թուականի շրջանաւարտները, որոնք իրենց 50-ամեակը կը նշէին, յուշանուէրներ ստացան՝ ձեռամբ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլուի։

Յուշանուէրներու յանձնումէն վերջ սրտի խօսքերով հանդէս եկան դպրոցի սաներէն Ժան Կավրիլօֆ, Գէորգ Սիմքէշեան, ինչպէս նաեւ Վարուժան Կարապետօղլու, որ իր խոհերը բաժնեց առցանց։

Հուսկ, բոլոր կեդրոնականցիները համախմբուեցան դպրոցի ճաշարանի երդիքին տակ, ուր ջերմ զրոյցի մթնոլորտին մէջ զիրար վայելեցին եւ վերյիշեցին իրենց դպրոցական յուշերը։ Միեւնոյն ժամանակ, բոլորը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութեան նկատմամբ, որ բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնէ վարժարանի վերելքը կայուն հունի մէջ պահելու համար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023