ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆՈՎ

Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ ու երախտաշատ հիմնադիրը՝ հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ հերթական անգամ վերյիշուեցաւ՝ իր շիրիմին վրայ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով։ Գարակէօզեանի ընտանիքը այս առթիւ անգամ մը եւս բիւր յարգանքով իր խոնարհումը բերաւ՝ կրթօճախը հաստատած հիմնադրի անթառամ յիշատակին առջեւ։ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, հանգուցեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի շիրիմին վրայ կատարուած հոգեհանգստեան կարգը իրականացուց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, վարժարանի ղեկավարութեան եւ աշակերտութեան ներկայացուցիչները ծաղիկներ թողուցին շիրիմին վրայ եւ աղօթեցին հանգուցեալի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Աւելի վերջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, բոլորը հաւաքուեցան վարժարանի ճաշարանին մէջ։ Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէ եւ ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ Գարակէօզեանի ընտանիքէն այլ դէմքեր համախմբուեցան ողբացեալ հիմնադրի բարոյական ներկայութեան՝ ճաշասեղանի շուրջ բաժնելով աւանդական լուբիան։ Վարչայիններու եւ աշակերտներու միասնականութեան մթնոլորտին մէջ գարակէօզեանցիները ոգեկոչման այս օրը արժեւորեցին հանգուցեալ հիմնադրի յիշատակին նկատմամբ իրենց յարգանքը վերանորոգելով ու թարմացնելով հաստատութեան նկատմամբ նուիրումը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 12, 2022