ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՓՐՈՖ. ՔԻՆՔԷՐ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ «Մարթին Պոսեր» սեմինարի վերատեսուչ Փրոֆ. Թոմաս Քինքէրը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Հիւր ակադեմականը այս առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ ներկայացուց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որու նկատառման յանձնեց իր գլխաւորած սեմինարին վերաբերեալ տեղեկութիւններ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց հիւր ակադեմականին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020