ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐՆԵՐԷՆ ԿԱՐՕ ԳԱԼԷՆՏԷՐԸ

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հանգուցեալ Արման Մանուկեանի յիշատակին ձօնուած 3x3 պասքեթպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին։ Այս տարի հինգերորդ անգամ կազմակերպուած մրցաշարքի ախոյեանը դարձաւ Սահակեան։

Այս տարուան մրցաշարքը արտասովոր բնոյթ մը ունէր նախորդներուն բաղդատմամբ։ Արդարեւ, մրցաշարքը ունէր մեծարանքի բնոյթ։ Ան կազմակերպուեցաւ ի պատիւ Շիշլի մարզակումբի կենդանի առասպելներէն Կարօ Գալէնտէրի, որ տասնամեակներ շարունակ բերած է մեծ ծառայութիւն։ Կարօ Գալէնտէր նախ մաս կազմած է ակումբի պասքեթպոլի խումբին, աւելի վերջ ալ եղած է վարչային։ Այս տարի ան թեւակոխած է իր 90-ամեակը եւ այս յոբելենական շրջանին շիշլիցիները փափաքած են զինքը պատուել եւ արժանին մատուցել երախտագիտութեան տեսակէտէ։ Մրցաշարքի պարգեւատրման փուլին մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք յուշանուէր մը յանձնեց Կարօ Գալէնտէրին։

Մինչ այդ, շիշլիցիները ընթրիք մըն ալ կազմակերպեցին Կարօ Գալէնտէրի ի պատիւ։ Ճաշասեղանի շուրջ հատուեցաւ իրեն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018