ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ս.Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց՝ վերահսկողութեամբ իրենց ուսուցիչներուն։ Անարատ Յղութիւն վարժարանի աշակերտները շրջայց մը կատարեցին «Պետրոս Շիրինօղլու» թանգարանէն ներս։ Խումբը աւելի վերջ այցելեց ծերանոցի բաժինը։ Մնայուն բնակիչները մեծ ուրախութիւն ապրեցան այս այցելութեան բերումով։ Տղաքը վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Գթութեան յարկէն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018