ՖԸՐԱԹ ԿԻՒԼԼԻՒԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

Պատմաբան ու գրող Ֆըրաթ Կիւլլիւ վերջերս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Adı Olmayan Adam»։ «Տելիտոլու» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է այս վէպը, որու կարգախօսն է՝ «Tarih Sahnesinin Oyunbozanları»։

Վէպի հեղինակը՝ Ֆըրաթ Կիւլլիւ այս գործին մէջ փորձած է ներկայացնել թատերագիր Արման Վարդանեանի կեանքը եւ անոր լոյսին տակ դրուագներ մատուցել՝ պոլսահայութեան մշակութային կեանքին շուրջ։ Վէպին մէջ ան կը պատկերէ կեանք մը, որ Իսթանպուլի մէջ սկսած է մտաւորական ընտանիքէ մը ներս։ Հեղինակը ցոլացուցած է սիրալիր մանկութեան շրջան մը, Լոնտոնի եւ Վիեննայի մէջ արուեստով ու մշակոյթով անցած կեանք մը եւ ի վերջոյ ողբերգական անկում մը։ Ֆըրաթ Կիւլլիւ այս պատմութիւնը հիւսած է զանազան զուգահեռականներով, որոնք ստեղծուած են Օղուզ Աթայէ եւ Արման Վարդանեանէ սկսեալ, մինչեւ Հալիտէ Էտիփ եւ Զապէլ Եսայեան։ Ան այդ զուգահեռականներուն մէջ փորձած է ի յայտ բերել պատմութիւն մը, որու հետ առերեսուիլ կարելի չէ եղած եւ որ կրկնուելով ճակատագրի մը վերածուած է։ Այդ պատմութեան մէջ հեղինակը վէպի հերոսներով փորձած է երեւան բերել կերպարներ, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններուն միջոցաւ փորձած են այդ խաղը խանգարել եւ իրենց կեանքն ու ինքնութիւնը իմաստաւորել։

Ֆըրաթ Կիւլլիւ թրքական մտաւորական շրջանակներու արժէքաւոր դէմքերէն մին է, որ իր գործունէութիւնով ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ հայկական մշակոյթին նկատմամբ։ Իր մօտեցումները ուշադրութեան կ՚արժանանան այն առումով, որ առարկայական տուեալներու լոյսին տակ հետամուտ են խրախուսելու համակեցութեան գաղափարները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021