ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ 2-3 Յունիսի շաբաթավերջին նախատեսուած են արարողութիւններ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, տօնակատարութիւններու սեմին թաղականները այցելեցին Գումգաբու։ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները տեղեկութիւններ փոխանցեցին վերջին տարուան ընթացքին իրենց կողմէ տարուած աշխատանքին, ապահովուած ձեռքբերումներուն եւ ապագայ ծրագրերուն կապակցութեամբ։ Անոնք ներկայացուցին նաեւ թաղային խորհուրդի տարեկան հաշուետուութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը ուրախութեամբ վերահասու եղաւ թաղային խորհուրդի կողմէ տարուած աշխատանքի արդիւնքին եւ մասնաւոր գոհունակութիւն յայտնեց խնայուած կոկիկ գումարին համար։ Ընդհանուր փոխանորդը յարատեւութիւն մաղթեց զարգացումներուն համար՝ յղելով իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018