ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Տատեան վարժարանի ընտանիքը վերջին օրերուն ընդունեց Երեւանէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, տատեանցիները հիւրը եղան Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն ներկայացուցիչներ։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Մարթա Ասատրեան քաղաքս այցելեց՝ իր կողքին ունենալով ուսուցչական կազմէն չորս ներկայացուցիչ եւ ութ աշակերտ։

Հիւրերը շուրջ շաբաթ մը անցուցին քաղաքիս մէջ։ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ միւս պատասխանատուները ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին անոնց նկատմամբ։ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն եկած հիւրերը իջեւանեցան Տատեան վարժարանի մօտակայքին, առիթն ունեցան քաղաքիս պատմամշակութային ժառանգութեան ծանօթանալու, նաեւ հաղորդ դառնալու բնական գեղեցկութիւններուն։ Իրենց համար մասնաւորապէս հետաքրքրական էր ծանօթանալ Վոսփորի մեր եկեղեցիներուն։ Կեցութեան ծրագրի այս բաժնին հիւրերը առաջնորդուեցան Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի կողմէ։ Ի լրումն այս բոլորին, դաշտապտոյտ մըն ալ կազմակերպուեցաւ դէպի Փոլոնէզգիւղ։

Համբարձման տօնակատարութիւններուն մասնակցելէ վերջ, հիւրերը բռնեցին Հայաստան վերադարձի ճանապարհը միշտ ցամաքով։

Յառաջիկայ աշնան Տատեան վարժարանէն խումբ մըն ալ կը նախատեսէ փոխադարձել այս այցելութեան՝ դէպի Երեւան։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018