ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶ «PICTURE» ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ

Յայտնի մեներգչուհի Մարալ Այվազ վերջերս մասնակցութիւն բերաւ կարեւոր ծրագրի մը։ Վերջին շրջանին երաժշտական աշխարհէ ներս Մարալ Այվազի աստղը կը փայլի միշտ իր խորհրդաւոր ու տպաւորիչ ձայնով։ Իր մասնակցած վերջին ծրագրի առանցքային դէմքերը կը հանդիսանան ամերիկահայ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեան եւ «Քարտէշ Թիւրքիւլէր» խումբը։ Այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է Արա Տինքճեանի «Picture» յօրինումի հիման վրայ։ Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ մէջ այս գործը ծանօթ է «Ağladıkça» անունով։ Սոյն նախագիծով այս երգը մեկնաբանուած է չորս տարբեր լեզուով, չորս տարբեր երկիրներէ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։ Հայերէն բաժիններու երգեցողութիւնը ստանձնած է Մարալ Այվազ։

Ինչպէս ծանօթ է, այդ երգը ողբացեալ մեներգիչ Ահմէտ Քայայի հետ նոյնացած գործերէն մին էր։ Ահմէտ Քայայի կատարումները կը հրապուրէին հոծ թիւով երաժշտասէրներ՝ մինչ խօսքերու հեղինակն է Կիւլթէն Քայա։ Նոյն հիման վրայ Յունաստանի եւ Իսրայէլի մէջ թարգմանաբար ու վերայօրինումով այդ գործը մատուցուած է երաժշտասէրներուն։ Այժմ այս ծրագրին բերումով հայերէն տարբերակ մըն ալ երաժշտասէրներուն մատուցուած է՝ Մարալ Այվազի խօսքերով, «Անվերջ խաւար» անունով։

Որքան որ ալ չորս տարբերակներու պարագային խօսքերը ըլլան տարբեր, այդ երաժշտութիւնը կը ցոլացնէ այս աշխարհագրութեան հասարակաց զգացումները եւ բոլորի խօսքերը կ՚արթնցնեն նոյն յուզումը։ Մարալ Այվազ հայերէն տարբերակի խօսքերը ձօնած է պատերազմներու զոհ գացած մանուկներու եւ անոնց մայրերուն։

Համացանցի վրայ հետաքրքիրներ կրնան ունկնդրել հետեւեալ կապին միջոցաւ.

https://youtu.be/wtXk4h22KlI

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020