ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ

Գալ­ֆաեան Տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի եւ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէս­ներն ու ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի ըն­թերց­ման տօ­նը։ Կրթօ­ճա­խի ու­սուց­չու­հի­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած յայ­տա­գի­րը խան­դա­վա­ռեց ներ­կա­նե­րը։ Սա­նե­րը բեմ բարձ­րա­ցան ո­տա­նա­ւոր­նե­րով, եր­գե­րով, պա­րե­րով ու թա­տե­րակ­նե­րով՝ ո­գե­ւոր պա­հեր պար­գե­ւե­լով հան­դի­սա­կան­նե­րուն։ Գալֆաեան-ցի տղոց ներկայացումներու աւարտին տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէր իր սրտի խօս­քով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն, բա­րի ար­ձա­կուրդ մաղ­թե­լով բո­լո­րին։ 

 

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015