ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Հրանդ Մոսկոֆեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Ներկայ եղան նաեւ՝ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան եւ  Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագները, բարեկրօն դպիրները, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։

Արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ յիշատակուեցան եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի բարերարները։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020