ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԿԱԶՄԸ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՎ ՍԿՍԱԾ Է ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻՆ

Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի գլխաւոր կազմը ներկայ եղանակի սկիզբին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Առաջին չորս խաղերէն երեք յաղթանակ ապահոված են շիշլիցիները։ Ակումբի վարչութեան առընթեր հին խաղացողներն ալ կը խրախուսեն խումբը։

Շիշլիցիները այս տարի մեծ յոյս դրած են նաեւ վոլէյպոլի կազմին վրայ։ Արդարեւ, վոլէյպոլի գլխաւոր կազմը անցեալ եղանակին ախոյեան հանդիսանալով՝ բարձրացած էր Թուրքիոյ երկրորդ լիկը։ Ուստի, շիշլիցիները այս տարի պայքար պիտի մղեն վոլէյպոլի շրջանային լիկին մէջ։ Նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին կանոնաւոր պարապումներով։ Ակումբի վարչայիններն ու նախկին մարզիկները նոյնպէս կը խրախուսեն վոլէյպոլի կազմը, որպէսզի այս տարի եւս շիշլիցիներու յաջողութիւնները շարունակուին կայուն թափով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018