ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար։ Վարժարանի սրահը յարդարուած էր գեղեցկօրէն եւ անոր երդիքին տակ կը տիրէր տօնական տրամադրութիւն։ Փոքրիկները արտասովոր ոգեւորութեամբ ողջունեցին Կաղանդ պապուկը, որ իրենց յանձնեց նուէրներ։

Ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Գամառ եւ իր ընկերները, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Մանկապարտէզի փոքրիկները գործադրեցին յաջող յայտագիր մը՝ արժանանալով բոլորի ջերմ ծափողջոյններուն։ Մանկապարտիզպանուհիներ Սիպիլ Աւագօղլու, Թանիա Փաքերթիք, Ռեհան Եաղեազան, Մարալ Կիւլպայծառ, Մելիսա Իփեքլի, Միրելլա Կիւլէր եւ ուսուցչուհի Թալին Կարիպկիւն վերահսկած էին յայտագրի պատրաստութիւնը։ Հանդէսի աւարտին երկու վարդապետներն ալ արտասանեցին շնորհաւորութեան խօսք։ Այսպէսով Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները հաղորդ դարձան տօնական շրջանի խորհուրդին։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018