ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԲԱՒԱՐԱՐ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր հոգելոյս Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած աններելի մահափորձի 15-րդ տարելիցին ընդառաջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահի երդիքին տակ։ 19 յունուարը անմոռանալի ու տխուր թուական մը դարձած է Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած ոճրագործութեան հետեւանքով։ Այս տարուայ՝ 15-րդ տարելիցը կը բնորոշուի իր մասին պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէնով մը, որու առաջին ցուցադրութիւնը երէկ երեկոյեան համախմբեց բազում մարդիկ, որոնք կ՚ապրեցնեն Հրանդ Տինքը իրենց սրտին մէջ ու կը փորձեն տեւականացնել անոր պայքարը։

Երեկոյթի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ իրաւաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, ապա ներկայացուեցաւ ժապաւէնը, որ կը կոչուի «Յիշողութիւնը՝ անբաւարար»։ Այս գործի հեղինակն է յայտնի արուեստագէտ ու հասարակական գործիչ Իւմիտ Քըվանչ, որ եղած է Հրանդ Տինքի մտերիմներէն։ Մէկ ժամուան տեւողութեամբ այս ժապաւէնը փաստավաւերագրական ու գեղարուեստական նշանակութեան զուգահեռ՝ զգացական խոր ազդեցութիւն մըն ալ կը ստեղծէ, որովհետեւ յաճախ հանգուցեալ Հրանդ Տինքի ձայնը կը լսուի ու լայնօրէն կը պարփակէ իր կենդանութեան շրջանին կատարուած տեսագրութիւններէ հատուածներ։

Ժապաւէնի առաջին ցուցադրութենէն վերջ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որու ատենախօսներն էին՝ Իւմիտ Քըվանչ, իրաւաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի հարազատ որդին՝ Արատ Տինք։ Զրոյցը վարեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հաղորդակցութեան գծով համակարգող Զէյնէփ Սունկուր։

«Հրանդը, իրականութեան մէջ, գրելէ աւելի խօսող անձ մըն էր։ Հրանդը ամբողջ մըն է իր ձայնով ու շարժումներով։ Զինքը այդ ատեն է, որ բուն ձեւով կը զգայինք։ Իր ազդեցութիւնը զգալի կը դառնար այդպէս։ Անոր կենդանի ներկայութիւնը ուրիշ բան մըն էր ու միայն ժապաւէնով մը հնարաւոր էր փոխանցել այդ մէկը», նշեց այս առթիւ Իւմիտ Քըվանչ։

Իւմիտ Քըվանչ այս ծրագիրը կեանքի կոչած է դրսեւորելով իր ամբողջ վարպետութիւնը։ Արդարեւ, այս գործի պարագային Հրանդ Տինքի աշխարհընկալումն ու տեսլականը ցոլացած են խորքայնութեամբ՝ իրենց ամբողջին մէջ։ Այդ բոլորը, անշուշտ, դադրած են զուտ անհատական բնոյթ մը կրելէ, որովհետեւ Հրանդ Տինքը մահափորձի մը թիրախը դարձուցած են. մահափորձ մը, որ ուղղուած էր իր համակեցութեան պատգամին եւ արդարութեան ջանքերուն դէմ։

Հարկ է նշել, որ այսօր երեկոյեան ժամերէն սկսեալ հնարաւոր պիտի ըլլայ այս ժապաւէնը դիտել «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կայքէջին միջոցաւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 13, 2022