ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵՑ ՎՈՍՓՈՐԻ ԱՍԻԱԿԱՆ ԱՓԻ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնները շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ օրուան տեւողութեան այցելեց Վոսփորի Ասիական ափի մեր եկեղեցիները։ Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան տեւողութեան յաջորդաբար այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, ինչպէս նաեւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիները։ Ան ամէնուրեք դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մուտքին Նորին Ամենապատուութեան հրամցուեցաւ աւանդական աղ ու հացը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ մուտք գործեց բոլոր եկեղեցիները եւ իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն։ Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր հովիւներն ու թաղային խորհուրդի ատենապետները ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստացան նաեւ Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի սաները։ Հովուապետական այցելութիւններուն ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն այլ ներկայացուցիչներ։

Դէպի վերոյիշեալ հինգ եկեղեցիները կատարած շրջագայութեան աւարտին, երեկոյեան ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ ընթրիքի սեղանով մը հիւրընկալուեցաւ Գատըգիւղի ընտանիքին կողմէ։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020