ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական խանդավառ ներկայացում մը, որ արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան։ Այսպէս, «Արփի» թատերախումբը Կազդուրման կայանի երդիքին տակ կրկնեց անցեալ եղանակին բեմադրած խաղը՝ «Թուլիկը»։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, կայանի սաներն ու կղզեբնակ թատերասէրներ։

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ջերմ ծափերով ողջունեցին դերասանները։ Բեմադրիչ Սարօ Սիրականեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Շնորհակալութեան խօսք մըն ալ արասանեց կայանի վարչայիններէն Սարօ Պենկլեան։ Մինչ ատենապետ Արի Չոլաք յուշանուէր մը յանձնեց Սարօ Սիրականեանին, փակման խօսքն ալ արտասանեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2019