ՆԱՐՕՏ ԱԼՃԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նարօտ Ալճան աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը եւ համալսարանէն վկայուած՝ որպէս ատամնաբոյժ։

Նարօտ Ալճան ծնած է 1995 թուականին Իսթանպուլի մէջ։ Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ նախակրթութիւնը աւարտելէ վերջ յաճախած է Կեդրոնական։ Աւելի վերջ մուտք գործած է «Եէտիթեփէ» համալսարանը, ուր հետեւած է Ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէի դասընթացքներուն։ Յաջողութեամբ աւարտելէ վերջ ծրագիրը՝ 2018-2019 թուականին ստացած է վկայականը եւ արդէն դարձած՝ ատամնաբոյժ։

Ընկերային կեանքէ ներս ալ Նարօտ Ալճան ունի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններ։ Ան ձիավարութեան սիրահար մըն է, միեւնոյն ժամանակ կը պարէ ու որպէս սիրող կը զբաղի թատրոնով։

Այս ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք զինքը ու կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2019