ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ՝ ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն կը տեղեկացնեն.-

Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին, 11 յուլիս, հինգշաբթի առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Արարողութեանց մասնակեցան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզօղլու։ Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կրթական մշակներ, Կազդուրման կայանի աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ներսէսեան դպրաց դասու երիտասարդ ու պատանի անդամները։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Եղիա Սրկ. Չալըշըրեան, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան, Գարեգին Կսրկ. Պարսամեան, Մուրատ Կսրկ. Այքար, Յակոբ Կսրկ. Սարաֆեան եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սեւան Կսրկ. Արապեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, հանդիսապետ սրբազան հայրը քարոզեց, վեր առնելով Ս. Թարգմանիչ վարդապետներուն վարքը եւ իրենց կատարած գործին կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի կանքէն ներս։ Սրբազան հայրը մասնաւորապէս շեշտեց, թէ Ս. Սահակի եւ Մեսրոպի գործը մասնաւոր յարգանքի արժանացած է անցեալէն մինչեւ այսօր։ Ապա, ներկաներուն յիշեցուց, թէ հայ ժողովուրդի ներկայ սերունդը եւս արժանավայել սիրով պէտք է մեծարէ այս սուրբերուն գործունէութիւնը։ Սրբազան հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Նման սիրով, դարեր շարունակ եղաւ առողջ փոխանցում ու սերունդներ իրենց նախնիներէն առածը փոխանցեցին ապագայ սերունդին։ Ներկայ դարու մեծագոյն հարցականը այն է, թէ մենք եւս նոյն բարոյական զօրութիւնը պիտի ունենա՞նք ու պիտի կարողանա՞նք փոխանցել մեզի հասած այս կոթողային հարստութիւնը։ Մենք ունինք բազում մշակութային արժէքներ, որոնց միարար կիզակէտն է հայ լեզուն։ Ներկայ դարու գիտական տուեալներով՝ դժբախտաբար, արեւմտահայերէնը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցանկին մէջ դասուած է վտանգուած լեզուներու շարքին։ Ուրեմն մեր լեզուն մեռնելու վտանգի հետ դէմ յանդիման է, ինչպէս պատմութեան ընթացքին տարբեր լեզուներ նման ձեւով կորստեան մատնուեցան։ Պիտի ուզէի յիշեցնել, թէ մայրենիի գերեզմանը մեր բերանն է։ Երբ մենք գիտնալով հանդերձ չենք գործածեր մեր լեզուն, ահա այդ պահուն մեր բերանը տխրագոյն գերեզմանոցի վերածուած է արդէն։ Բայց մենք Յարութեան յոյսով լեց-ւած ենք, այնուհետեւ մեր գերեզմանները կրնան վերստին կեանքի արժանանալ մեր իսկ ներդրումով։ Լոյս գերեզմանի հրաշքը, մեր բերաններու մէջ եւս տեսանելի արդիւնք-ներ կրնան տեսնուիլ։ Այնուհետեւ, ուշադրութեամբ նշենք այս յիշատակութիւնը եւ սուրբերուն բարեխօսութեան դիմենք, որպէսզի մեր լեզուն միշտ կենդանարար զօրութեան վերածուի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս»։

Տեղապահ սրբազանը յիշեց նաեւ նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքը, քանի Ս. Թարգմանչաց տօնը, նաեւ պատրիարք սրբազան հօր անուան տօնախմբութիւնն էր։ Ինք եւս Թարգմանիչ վարդապետներու սուրբ առաքելութիւնը վառ պահած էր մեր ժողովուրդին մէջ։ Սրբազան հայրը մաղթեց որ, Մեսրոպ Պատրիարքի թողած բարոյական եւ հոգեւոր արժէքները միշտ պատնէշի վրայ մնան մեր ժողովուրդին մէջ։ Իր խօսքերու աւարտին, շնորհաւորեց նաեւ բոլոր վարդապետներու, ուսուցիչներու, մամլոյ սպասաւորներու եւ հայ գրի սպասաւորներու տօնը։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ՝ հոգւոցն Պատրիարքական Աթոռոյ երանաշնորհ գահակալներ՝ Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի եւ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի։ Յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ, տեսուչներ, հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորներ։

Արարողութեանց աւարտին սրբազան հօր նախագահութեամբ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ներկայ էին հոգեւորականներ, սարկաւագներ, դպիրներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդէ անդամներ։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը՝ հանդիսավարութեամբ Յարութիւն Աբեղայի։ Սիրոյ սեղանը բացուեցաւ միաբերան երգուած «Նախ խնդրեցէ՛ք» հոգեւոր երգով. երգ մը՝ որ դարձած է Մեսրոպ Պատրիարքի եւ իր եկեղեցաշէն առաքելութեան խորհրդանիշը։ Ապա, Արամ Կոստանեան՝ «Ո՞ր լեզուն», «Ժառանգ», Տիանա Չիլինկիրեան՝ «Քիչ ենք բայց հայ ենք», «Հին օրհնութիւն», իսկ փոքրիկն Տերըն Տեմիր՝ «Հայկական տոհմէն» արտասանութիւններով ներկայացան ու սեղակիցներուն յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքին արժանացան։ Մշակութային այս օրը առիթ եղաւ, որ գնահատուի նաեւ մեր համայնքի սիրուած երաժշտուհիներէն եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անդամներէն՝ Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուի երաժշտական նոր խտասալիկը։ Այս առթիւ, ան եւ ապա՝ զաւակը Պարէտ մեներգեցին ու ներկաներու բուռն ծափերուն արժանացան։ Մեներգեցին նաեւ Երազ Չաղլաեան եւ Ալիս Շահինեան, որոնք եւս փայլ տուին յայտագրին։ Տօնական հանդիսութեան առիթով նաեւ սրտի խօսքեր արտասանեցին. Գարեգին Պարսամեան՝ որպէս կրթական մշակ, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան՝ որպէս վեղարաւոր, Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան՝ որպէս քահանայ, Մարիամ Տրամէրեան՝ որպէս մշակութային գործիչ, Տ. Յարութիւն Աբեղա Տամատեան՝ որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Մասնաւորապէս գնահատանքի արժանացաւ Ներսէսեան դպրաց դասու պատանիներէն Նարեկ Գազիքօղլուի սրտի խօսքը, որ արտասանուեցաւ յանուն բոլոր ներկայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։

Ապա, ծափահարութիւններու ոգեւորութեամբ սրահ բերուեցաւ տօնական կարկանդակը, որ պատրաստուած էր տեղապահ սրբազան հօր անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Կարկանդակի հատուելէն յետոյ սրբազան հայրը հուսկ բանքը արտասանեց եւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն։ Գնահատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութիւնը եւ կազմակերպութիւնը, որով Թարգմանչաց տօնը մեծ շուքով ու արժանավայել ձեւով տօնուած էր Գնալըի մէջ։ Անգամ մը եւս յիշելով Մեսրոպ Պատրիարքը՝ վստահ ըլլալով, որ ինք եւս երկնային օթեւաններէն միացած էր այս ոգեւորիչ մթնոլորտին։ Մաղթեց պատրիարք սրբազան հօր հոգիին խաղաղութիւն ու բոլոր ներկաներուն արեւշատութիւն։

Սիրոյ սեղանը միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով իր աւարտին հասաւ։

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2019