ՊԱՐԹԵՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ՝ ԷՍԱԵԱՆ-ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԻՆ ԱՌԹԻՒ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի երգիչ Պարթեւ Կարեան համերգի մը համար հրաւիրուած է Նիւ Եորք։ Ծանօթ է, որ Պարթեւ Կարեան մեր համայնքէն ներս ամենասիրուած ու նախնտրուած մենակատարներէն մին ըլլալու առընթեր սփիւռքի մէջ ալ ունի իր համակիրներու շրջանակը եւ ամէն տարի զանազան առիթներով կը հրաւիրուի արտասահման։ Պարթեւ հայկական երաժշտութեան կատարումները առաքելութեան մը վերածած է թէ՛ իր ուրոյն մեկնաբանական կարողութիւններով եւ թէ յամառ հաւատարմութեամբ։

Նիւ Եորքի մէջ Պարթեւի յառաջիկայ համերգը նախատեսուած է նոյեմբերի 10-ին։ Ան հանդէս պիտի գայ յոբելենական ձեռնարկի մը առիթով։ Արդարեւ, Նիւ Եորքի Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութիւնը այդ թուականին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեակը եւ «Terrace on the Park»ի երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնի հիմնական դերակատարը պիտի ըլլայ Պարթեւ Կարեան։

Յոբելենական հաւաքոյթի կազմակերպիչները այդ ձեռնարկին մասնակցելու հրաւիրած են նաեւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018