ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՄՐՑԱՇԱՐՔՈՎ ՄԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՂԱԶԱՐՈՍ ՈՒՆԱՆԸ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը միշտ զգայնութիւն կը դրսեւորէ մօտաւոր անցեալի նուիրեալներու յիշատակին նկատմամբ երախտագիտական թերացում չունենալու ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ մրցաշարք մը կազմակերպուեցաւ ի յիշատակ հոգելոյս Ղազարոս Ունանի, որ Շիշլի մարզակումբի պատուոյ ատենապետը եղած էր։ Չորս խումբի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ֆութսալի մրցաշարքը հինգերորդն էր իր նմաններու շարքին։ Կազմակերպչական աշխատանքները համակարգուած էին Սարօ Սարաֆի կողմէ։  Եղբայրական մթնոլորտի մէջ անցած խաղերը, որոնց արդիւնքով «Անաթոլիա» խումբը նուաճեց ախոյենութիւնը, ինչպէս անցեալ տարի։ Հուսկ, բաժակներու եւ մետայլներու յանձնման արարողութիւնով եզրափակուեցաւ ծրագիրը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021