ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու ժրաջան անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէրը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր որեւէ արարողութիւն տեղի չէ ունեցած Պէյքոզի եկեղեցւոյ մէջ։ Յառաջիկայ 27 նոյեմբերին նախատեսուած է եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, ինչ որ առիթ պիտի դառնայ Ս. Պատարագի մատուցման։ Ուստի, թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին նախագահելու հանդիսութիւններուն։ Զրոյցի տեւողութեան թաղային խորհուրդի անդամները բացատրութիւններ տուին նաեւ իրենց գործունէութեան զանազան երեսակներուն շուրջ։ Անոնք մատնանշեցին, որ եկեղեցւոյ շէնքը ներկայիս ֆիզիքական բարենորոգութեան կ՚ենթարկուի՝ խոնաւութեան հետեւանքներու յաղթահարման համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց Պէյքոզի թաղականներուն այցելութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցիէն ներս դարձեալ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի։ Իրեն ներկայացուած բացատրութիւններու լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց այս եկեղեցւոյ միջոցներով համայնքին համար կատարուած օժանդակութիւնները՝ թաղականներուն յղելով իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։  

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021