ՍԱՌԱ ՊԱՐԸՆԻ ՎԵՐԵԼՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր արժէքաւոր իրաւաբաններէն Սառա Պարըն փայլուն վերելք կ՚արձանագրէ ասպարէզին մէջ։ Սառա Պարըն, որ կ՚աշխատի Լոնտոնի մէջ, վերջերս արժանի դասուած է մաս կազմելու լաւագոյն փաստաբաններու ցուցակին վրայ։

«Chambers and Partners»ի կողմէ իրաւաբանական կալուածէ ներս Սառա Պարընի կողմէ կատարուած աշխատանքը համարուած է յատկանշական։ Այդ մէկը կառոյց մըն է, որ իրաւաբանական աշխարհէ ներս, բոլոր երկիրներու մասնագէտները նկատի ունենալով՝ միջազգային ամենայաւակնոտ արժեւորումներն ու աստիճանաւորումները կը կատարէ։ Սառա Պարըն այդ կառոյցին կողմէ համարուած է Անգլիոյ ամենակարող երեք փաստաբանէն մին ու դասուած՝ հետեւելու արժանի, վերելք արձանագրող աստղերու անուանակարգին մէջ։ Այս կոչումին ան արժանի դասուած է՝ միջազգային ուժանիւթի եւ ենթակառուցուածքներու ծրագիրներուն շուրջ ծաւալած յաջող աշխատանքներուն բերումով։

Հարկ է նշել, որ Սառա Պարըն Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախկին սաներէն է եւ դուստրը՝ մեր համայնքային շրջանակներուն այնքան սիրելի Վազգէն-Նուարդ Պարըն ամոլի։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սառա Պարընը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021