ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան մէջ իր ա­ւար­տին հա­սաւ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած միջ­միու­թե­նա­կան 20-րդ նար­տի մրցա­շար­քը։ Շուրջ ա­միս մը տե­ւե­ցին խա­ղար­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք եզ­րա­փա­կուե­ցան ե­րէ­կուան ա­ւար­տա­կան­նե­րով։ Մրցա­շար­քի ա­խո­յեա­նը հան­դի­սա­ցաւ Գա­րա­կէօ­զեան սա­նուց միու­թեան խում­բը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Վա­քըֆ­լը­գիւղ, Պո­մոն­թի Մխի­թա­րեան եւ Տա­տեան։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գէորգ Սիմ­քէ­շեան, որ կը գլխա­ւո­րէ միջ­միու­թե­նա­կան յանձ­նա­խում­բը։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ հիւ­րըն­կալ Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ Քա­րա­քուշ։ Հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի որ­դի­նե­րը՝ Պատ­րիկ եւ Ա­րի Կիւն­թէր եղ­բայր­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին այս մրցա­շար­քի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն։

Ե­լոյթ­նե­րէն վերջ դափ­նե­կիր­նե­րը ստա­ցան ի­րենց պար­գեւ­նե­րը եւ յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին բո­լոր ներ­կա­նե­րը զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին՝ ժա­մադ­րուե­լով յա­ջորդ տա­րուան հա­մար։

Հարկ է նշել, որ այս մրցա­շար­քը յա­ջորդ տա­րի պի­տի կազ­մա­կեր­պուի այս տա­րուան ա­խո­յեա­նին՝ Գա­րա­կէօ­զեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016