ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկուան տարեկան տօնախմբութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Թէեւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան նուիրահաւաքն ալ կազմակերպուեցաւ զուգահեռաբար, սակայն համավարակի հետեւանքով աշխարհիկ հանդիսութիւն տեղի չունեցաւ։

Արարողութիւններու ընթացքին Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, նաեւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք, որու ընթացքին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարեյիշատակ քարոզիչները, հովիւները, սատարողները, վարչայինները, ինչպէս նաեւ յարակից Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երախտաշատ տնօրէնները, կրթական մշակները եւ բարերարները։

Արարողութիւնները աւարտին հասան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արձակման աղօթքով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021