ՀԱՅՐԻ ԻՒՆԷՕՆԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւն։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարի նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար Հայրի Ինէօնիւ դարձեալ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը։ Երէկուան զրոյցին ընթացքին ան պաշտօնապէս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեց իր թեկնածութեան պարագան։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց, որ Հայրի Ինէօնիւի նման փորձառու անձնաւորութիւն մը վերստին թեկնածու կը ներկայանայ՝ մանաւանդ, որ Շիշլիի գաւառակէն ներս հոծ թիւով հայութիւն կը բնակի։ Հուսկ ան Հայրի Ինէօնիւին յաջողութիւն մաղթեց գործունէութեան համար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023