ՎԻԵՆՆԱՅԷՆ ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Վիեննայէն՝ սփիւռքահայ երիտասարդ ակադեմական Գէորգ Յակոբճեանը։ Այս վերջինը ներկայիս քաղաքս կ՚այցելէ իր տոքթորականի թեզի ուսումնասիրութիւններուն համար։ Ան կ՚աշխատի Թուրքիոյ եւ Լիբանանի հայութեան իրաւունքներուն վրայ՝ ըստ միջազգային իրաւունքի։ Գէորգ Յակոբճեան հանդիպման ընթացքին շնորհաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որուն յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Զրոյցի տեւողութեան ան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ձեռնարկած ուսումնասիրութեան շուրջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց Գէորգ Յակոբճեանը հիւրընկալելու առթիւ եւ բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ հայ համայնքի մասին։ Ան շնորհաւորեց սփիւռքահայ երիտասարդ իրաւաբանը եւ Յակոբճեանի ընտրած շահեկան նիւթին կապակցութեամբ ալ արտայայտեց իր բարձր գնահատանքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը սպառիչ պատասխաններ տուաւ Գէորգ Յակոբճեանի հարցումներուն եւ հանդիպման աւարտին անոր փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2020