ԹԱՐՄ ԵՌԱՆԴՈՎ ՍԿԻԶԲ

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կրթական յանձնախումբին նոր կազմը երէկ գումարեց իր առաջին ժողովը։ Վերջերս տեղի ունեցած է հիմնարկի ընդհանուր ժողովը, որով ձեւաւորուած նոր վարչութեան զուգահեռ՝ կազմուած է նաեւ նոր կրթական յանձնախումբ մը։ Պոլսահայ վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ կրթական յանձնախումբի նոր կազմի առաջին ժողովը։ Այսպէս, կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան հիմնարկի գործունէութեան շուրջ։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ հայերէնի նոր ուսուցիչներու պատրաստութեան նիւթը։ Կրթական մշակները ընդհանուր առմամբ յարմար դատեցին, որ արդիական մօտեցումներու հիման վրայ կազմուի հասարակաց դասարանային ծրագիր մը, որպէսզի աշակերտները իրերանման մակարդակ մը ունենան։

Ըստ հիմնարկի աղբիւրներուն, կրթական յանձնախումբի նոր կազմին մէջ են՝ Մարի Նալճը, Արմէն Սարուխանեան, Սօսի Սուլթանեան, Սիպել Արփաճըք եւ Նարէ Կավրիլօֆ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2024