ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏ

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ կրթա­կան մշակ­նե­րու տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան պտոյ­տը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ գոր­ծող կամ հանգս­տեան կո­չուած կրթա­կան մշակ­ներ այս ա­ռա­ւօտ մաս­նա­ւոր փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րով Ֆէ­րի­գիւ­ղէն ճամ­բայ ե­լան դէ­պի Վոս­փոր՝ Գա­լէն­տէր թա­ղա­մա­սը, ուր «Գաղտ­նի պար­տէզ» զբօ­սա­րա­նին մէջ կ՚ան­ցը­նեն ի­րենց օ­րը։ Ու­սուց­չաց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Թա­գու­հի Հա­լա­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դե­ցին պտոյ­տը, որ կը զու­գա­դի­պի Համ­բարձ­ման տօ­նի օրուան։

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ու­սուց­չաց միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս պտոյտ­նե­րը հա­ճե­լի ա­ռիթ­ներ կ՚ըլ­լան մեր կրթա­կան մշակ­նե­րու հա­մախմբ­ման եւ միաս­նա­բար զբօս­ման տե­սա­կէ­տէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015