ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի փոքրերու կազմը շաբաթավերջին կազմակերպուած դաշտահանդէսով մը եզրափակեց ներկայ եղանակի աշխատանքը։ «Մարալ»ի շուրջ իննսուն փոքրիկները այս առթիւ մեկնեցան Սկիւտար՝ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի ընդարձակ պարտէզին մէջ զուարճանալու համար։

«Մարալ» համայոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ համակիրներէ բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբը հսկեցին փոքրիկները։

Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարաններուն կողմէ տրամադրուած փոխադրամիջոցներով անոնք հասան Սկիւտար։ Բեղուն աշխատանքով, յաջող եղանակ մը անցուցած փոքրիկներուն համար այս դաշտահանդէսը կազմակերպուած է որպէս վարձատրութիւն։ Բացօթեայ սարքուած սեղաններուն շուրջ տղաքը համախմբուեցան եւ ամառնամուտի ներկայ շրջանին զիրար վայելեցին ու խոստացան արձակուրդէ վերջ, յառաջիկայ եղանակի սկիզբին վերստին համախմբուիլ։

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի վարչութիւնը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան, որ սիրով տրամադրած էր պարտէզը։

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018