ՏԱՏԵԱՆՑԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՊԱԼԷԻ ԵՐԵԿՈՅԹԸ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պալէի խանդավառ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համանուն սանուց միութիւնը անցեալ եղանակին Կարին Մարտիկեանի վերահսկողութեան ներքեւ կազմակերպած է պալէի դասընթացք՝ 22 փոքրիկներու մասնակցութեամբ։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ այդ փոքրիկները ներկայացուցին անցեալ եղանակին իրենց ծաւալած աշխատանքին արդիւնքը։

Ելոյթի աւարտին խօսք առաւ Տատեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Թորոս Փեհլիվան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարին Մարտիկեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը բերեն այս դասընթացքներուն։

Եզրափակիչ փուլին Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու յուշանուէրներ յանձնեցին փոքրիկներուն։

Յաջորդած ընդունելութեան ժամանակ բոլոր ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Կարին Մարտիկեանն ու իր սաները, որոնց յղեցին իրենց շնորհաւորութիւնները։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018