ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՌՑԱՆՑ ԱՃՈՒՐԴԻ ՄԷՋ ՎՃԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 20 ՀԱԶԱՐ ԼԻՐԱ

«Իսթանպուլ» աճուրդատան կողմէ վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ առցանց աճուրդ մը, որու ծիրէն ներս վաճառքի դրուած էր 46 գեղարուեստական նմոյշ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս առթիւ ամենամեծ գինը վճարուեցաւ Արա Կիւլէրի լուսանկարներէն մէկուն համար, որ ընդգրկուած էր աճուրդի առարկաներու ցուցակին մէջ։ «Արշալոյսին Գումգաբուի ձկնորսները կը վերադառնան նաւահանգիստ» անուանեալ գործը արժանացաւ ամենաբարձր արժէքի։ Գնորդը այդ մէկուն համար ընդհանուր առմամբ 20 հազար 532 լիրա վճարեց։

Աճուրդի մէջ ընդգրկուած Արա Կիւլէրի միւս լուսանկարներն ալ վաճառուեցան մեծ գիներով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020