ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Գնալըի բարձունքին հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ կը տիրէ՝ շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ Ս. Աստուածածնի տօնին նախորդող շաբաթը մասնաւոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչուի՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ջանքերով։ Ս. Աստուածածնին նախորդած ուխտագնացութեան մը բնոյթը ունի այս ժամանակաշրջանը, որու հիմնական նպատակն է՝ կղզեբնակ հաւատացեալները հնարաւորինս պատրաստել տաղաւարին թէ՛ հոգեւոր ուրախութեան տեսակէտէ եւ թէ անոր խորհուրդին հաղորդ դառնալու առումով։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հովուական այս առաքելութիւնը յառաջ կը տանի՝ ըստ սերունդներու դասաւորումի մը ձեւաչափին մէջ, որպէսզի բոլորին համապատասխան եւ յարմար նախագիծ մը կեանքի կոչուի եւ ի վերջոյ տաղաւարի շաբաթավերջին համատարած հոգեւոր ցնծութիւնը զգալի դառնայ։
Այս ծիրէն ներս երկու կարեւոր հաւաքոյթ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Առաջին հաւաքոյթը նախատեսուած էր մանուկներու եւ պատանիներու համար։ Թանիա Փաքերթիքի համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքը, որուն մանուկ եւ պատանի հաւատացեալները մասնակցեցան՝ ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հայրական հոգածութիւն ցուցաբերեց բոլոր փոքրիկներուն նկատմամբ, անմիջական վերաբերմունքով բոլորին սիրտը գրաւեց եւ անոնց անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ Ս. Աստուածածնի տօնին եւ համապատասխան աւանդութիւններուն մասին։
Երկրորդ հաւաքը ծաւալով աւելի մեծ էր եւ բնոյթով աւելի տարբեր։ Այսպէս, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ նաւապտոյտ մը եւ այս փուլին ալ գլխաւոր գործակիցն էր՝ պարուսոյց Յակոբ Արի Կիւլէչ, որ ամրան շրջանին կղզիի վրայ ստեղծուած եռուզեռին կ՚ունենայ իր ներդրումը։ Նաւու վրայ եւս շուրջ հարիւր հոգի համախմբուած էր եւ բոլորը հայկական երգերով ու պարերով, երեկոյեան ժամերուն ծովու հմայքը վայելելով ունեցան խանդավառ ապրումներ։ Այս մթնոլորտին մէջ բոլորին համար հաճելի էր լսել նաեւ Ս. Աստուածածնի տօնի նախօրէին հայր սուրբին պատգամները, որոնց մէջ միահիւսուած էին թէ՛ համայնքի ամրութեան եւ թէ մեր մշակութային արժէքներուն փարած մնալու կարեւորութիւնը։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024