ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԷՔՐԷՄ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒԻ ԿՈՂՄԷ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Այսպէս, նորին սրբազնութիւնը քաղաքապետարան այցելեց իր հետն ունենալով՝ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սելինա Տողանը, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրը եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլըն։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շնորհաւորութիւններ յղեց քաղաքապետին նոր պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ մաղթեց յաջողութիւն։ Զրոյցի տեւողութեան Էքրէմ Իմամօղլու եւս յաջողութիւն մաղթեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին՝ ուրախութիւն յայտնելով անոր այցելութեան բերումով։ Էքրէմ Իմամօղլու ընդգծեց, որ հաւասարութեան սկզբունքին վրայ հիմնուած է իր քաղաքականութիւնը եւ իր ծառայութիւնները պիտի ունենան համապատասխան բնոյթ։

Սիրալիր հանդիպման աւարտին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան քաղաքապետարանէն հրաժեշտ առաւ՝ Էքրէմ Իմամօղլուին նուիրելով Արսէն Եարմանի կողմէ հեղինակուած գիրք մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2019