ԳՆԱԼԸԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏԱՂԱՒԱՐ

Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Խաչվերացի տաղաւարի առթիւ Հսկման արարողութիւն կատարուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան։ Արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցան նաեւ բժշկութեան աղօթքներ։ Արարողեան աւարտին քարոզեց հանդիսապետ հայր սուրբը եւ յայտնեց, թէ Հսկման արարողութեան ճամբով հաւատացեալներուն փոխանցուեցաւ քաջութեան հոգին։ Այս զօրութեամբ աշխարհիկ դժուարութիւններու դիմաց, մեր հոգին զօրաւոր պահելու կամքը պիտի գտնուի հաւատքի ճամբով։

Իսկ երէկ առաւօտ, տաղաւարի առթիւ տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որու կողքին էին Եղիա Սրկ. Չալըշըրեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի, Մուրատ Ուր. Դպիր Խաչիկօղլու եւ Արեգ Ուր. Դպիր Թաշճեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու սարկաւագաց դասուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ  Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։

Ընկերային հեռաւորութեան կանոններուն հնազանդ հաւատացեալներ, եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներու հսկողութեան ներքեւ, թէ՛ եկեղեցիէն եւ թէ պարտէզէն մասնակցեցան արարողութեան։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, պատարագիչ հայր սուրբը քարոզեց «Քաւ լիցի, որ ես պարծենամ այլ բանով, քան միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչով» (Գաղատ 6 .14) բնաբանով ու ներկայացուց Վերացման Խաչի նշանակութիւնը։ Ան յայտնեց, թէ քրիստոնեաներ մեծապէս կորստեան մատնուած կը համարուին այն պահուն, երբ իրենց կեանքերուն մէջ կը նուազի Խաչի եւ Խաչեալի հոգին։ Վերացման տօնի մեծագոյն պատգամը այս յիշեցումը կը դառնար, քանի Վերացման Խաչի յաղթանակը կը ցուցադրէ Ս. Խաչի փրկարար զօրութեան շուրջ համախմբման կարեւորութիւնը։ Իր խօսքերու աւարտին շեշտեց, թէ քորոնա համավարակի փորձութիւնը եւս, առիթ կրնայ դառնալ այս ուղղութեամբ մտածելու, եթէ անհատական աղօթքներուն մէջ առաւել եւս խորանանք ու վերագտնենք մեր հոգւոյն մէջ թաքնուած խաչերը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հաւատացեալներ՝ սարկաւագաց ու դպրաց հսկողութեամբ մի առ մի մօտեցան Ս. Սեղան ու ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Ապա կատարուեցաւ Խաչվերացի թափօր անդաստան, որու ընթացքին ռեհանազարդ Ս. Խաչով օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը։ Արարողութիւնը վերջին օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ։

Աւելի վերջ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան տեղական լեզուով համառօտեց օրուան պատգամը։

Ս. Պատարագի աւարտին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի ծննդեան տարեդարձին առթիւ գեղեցիկ անակնկալ մը տեղի ունեցաւ։ Գնալըի թաղային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած տարեդարձի կարկանդակը հատուեցաւ հայր սուրբին կողմէ, որմէ յետոյ ներկաներ անմիջական մթնոլորտի մէջ իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին իրենց հոգեւոր հովիւին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020