ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, շաբաթ օր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էին նաեւ վեղարաւոր հայրեր եւ մեր քահանայից դասէն ներկայացուցիչներ։ Արարողութեան մասնակիցներու շարքին էին թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի աշակերտները։ Օրուան պատգամին մէջ նորին սրբազնութիւնը յատկապէս յորդորներ յղեց անոնց, որպէսզի տէր կանգնին մեր մայրենիին եւ ինքնութեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019