ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, շաբաթ օր, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Նոյն օրը նորին սրբազնութիւնը այցելեց նաեւ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմը։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Օրթագիւղի արարողութեանց մասնակցեցան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Իսքէնտէր Շահինկէօզի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները, Ս. Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան, տնօրէն Արաս Տելիճէ, ուսուցչաց կազմը, աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Աթոռոյ դիւանապետ եւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Արէտ Սրկ. Փեհլիվանեան եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ դպրաց կողմէ՝ առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Ռոպէր Ուր. Դպիր Տողանայի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, հանդիսապետ սրբազան հայրը քարոզեց, վեր առնելով Ս. Թարգմանիչ վարդապետներուն վարքը։ Սրբազան հայրը ներբողեց մեծ վարդապետաց վաստակը ըսելով. «Գիտնականներ ընդհանրապէս կը միտին մարդկութեան կեանքը առաւել եւս երկարելու եւ այս ուղղութեամբ աշխատութիւններ կը տանին։ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան կարեւորագոյն դէմքերէն Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ գտած են այն գործին գաղտնիքը, որով դարեր շարունակ կը յիշատակուին, քանի որ անոնք անմահութեան արժանացած են իրենց վաստակով։ Լաւ գիտենք, թէ իրենց մեծագոյն աշխատութեան շնորհիւ տէր եղանք այբուբենի եւ գրաւոր դպրութիւնը զարգացաւ մեր մօտ ու այսպէսով մշակոյթը եւս զարգանալ սկսաւ։ Պէտք է լաւ իմանալ, թէ առանց այբուբենի հայ ժողովուրդը դատապարտուած էր ձուլուելու զօրաւոր մշակոյթներու մէջ։ Մեր պապերը եթէ չունենային այդ երեսունեւութ զինուորները, վստահաբար կա՛մ պարսկական, կա՛մ բիւզանդական եւ կամ ասորական մշակոյթը պիտի խլէր մեր ինքնութիւնը։ Այսօր ինչ որ ունինք, իրենց կը պարտինք։ Հետեւաբար Թարգմանիչ վարդապետները արժանի են փառաւորապէս յիշատակութեան։ Տեսէ՛ք, այս շաբաթ Մշակոյթի շաբաթ է նաեւ։ Եկէ՛ք, առաւել եւս մեծ ուշադրութեամբ նշենք այս կարեւոր հանգրուանը»։

Տեղապահ սրբազանը յիշեց նաեւ, թէ Օրթագիւղի վարժարանը ձօնուած է Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց անուան։ Հետեւաբար, այս տօնին մեծ ուրախութիւն էր աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ընտանիքներու հետ ըլլալ ու Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու անունը միասնաբար գովել։ Այնուհետեւ, վարժարանի իւրաքանչիւր անդամին մաղթեց գործոց բարեաց յաջողութիւն։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հոգւոյն։ Յիշատակուեցան նաեւ կրթական մշակներ, տեսուչներ, հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորներ։

Արարողութեանց աւարտին՝ սրբազան հօր նախագահութեամբ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու շուրջ համախմբուեցան ներկաները։ Այս առթիւ տեղապահ սրբազան հայրը գնահատեց թաղային խորհուրդի եւ ուսուցչաց կազմի աշխատութիւնը։ Ան մաղթեց, որ Ս. Թարգմանչաց բարեխօսութիւնը միշտ ներկայ ըլլայ Օրթագիւղի ընտանիքին եւ Թարգմանչաց վարժարանին վրայ։

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու տօնին, շաբաթավերջին, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը յիշատակուեցաւ իր հողակոյտին վրայ։ Նկատելով որ Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը, նաեւ երանաշնորհ պատրիարք սրբազան հօր անուանակոչութեան տօնն է, կազմակերպուած էր նման յիշատակութիւն մը։

Ժամը 14.30-ին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախագահած եկեղեցականաց թափօրը, գերեզմանատան մուտքէն ուղղուեցաւ դէպի հոգեւորականաց թաղը։ Ներկայ էին՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Ա., Գէորգ Ա., Սարգիս Ա., Զաւէն քահանայ հայրերը, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ խումբ մը հաւատացեալներ։       

Այնուհետեւ, պատրիարք սրբազան հօր հողակոյտին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Այս առթիւ ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց տեղապահ սրբազան հայրը, որ ըսաւ. «Երբ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք, պիտի ձեռնադրէր Մինաս Սարկաւագը, տեսաւ իր մէջի հանճարը եւ զայն անուանեց Մեսրոպ Աբեղայ։ Իրապէս, իր անուան իրաւունքը տուաւ պատրիարք հայրը եւ Մեսրոպ Մաշտոցի հաւատարիմ աշակերտը դարձաւ։ Անոր աշխատութեամբ շատերս հայերէնի, հայ մշակոյթին, Հայ Եկեղեցիին եւ մեր հաւատքին ծանօթացանք։ Այնուհետեւ մենք շատ բան կը պարտինք իրեն եւ այսօր լաւ առիթ մըն է, որ անգամ մը եւս յիշատակենք զինք ու իր թողած աւանդը պահպանելու համար վերաթարմացնենք մեր ուխտերը»։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019