ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾ ՈՒ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔԸ

Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ շրջանաւարտներու աւանդական օրուան առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գարակէօզեանի ընտանիքի ներկայացուցիչները Շաբաթ առաւօտ փութացին Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի շիրմին մօտ։ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն ներկայ գտնուեցան Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, սանուց միութեան վարչայիններ, ուսուցչական կազմէն եւ աշակերտութենէն ներկայացուցիչներ։

Ոգեկոչման արարողութենէն վերջ գարակէօզեանցիներու տարեկան մեծ հաւաքի յայտագիրը շարունակուեցաւ դպրոցի համալիրէն ներս։ Այս տարուան ծրագիրը գործադրուեցաւ թէ՛ դպրոցի բուն շէնքին եւ թէ յարակից նորակառոյց «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցին մէջ։ Առաջին փուլին բոլոր գարակէօզեանցիները դպրոցի ճաշարանին մէջ համախմբուեցան սեղաններուն շուրջ ու միասնաբար համտեսեցին աւանդական լուբիան։ Ճաշէն վերջ սկսաւ օրուան բազմակողմանի յայտագրին գործադրութիւնը։ 25-ամեայ եւ 50-ամեայ շրջանաւարտները յատուկ մեծարանքի առարկայ դարձան։ Յոբելեար շրջանաւարտներուն յանձնուեցան կրծքանշաններ։ Յիսուն տարիէ աւելի ժամանակ առաջ դպրոցը աւարտած եւ ցայսօր կրծքանշանները չստացած այլ քանի մը երէց գարակէօզեանցիներ ալ մեծարուեցան յոբելեարներու համազօր։ Այս վերջիններու շարքին էր յայտնի դերասան Գէորգ Մալիքեան, որ առարկայ դարձաւ գարակէօզեանցիներու շատ ջերմ վերաբերմունքին։ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցան Սարգիս Կիւրեղ եւ Վահան Մելքոնեան։ Անոնք նուէրներ պատրաստած էին իրենց շրջանի տնօրէնուհի Գլեմանս Չելիքին, դասարանի ուսուցչուհի Անի Գարասապանին եւ պաշտօնէութեան ներկայացուցիչներուն համար։ Անի Գարասապանն ալ անմիջական խօսքով մը շնորհաւորեց զիրենք։

Շրջանաւարտներու օրուան յայտագրին մաս կազմեցին Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Արուսեակ Մոնէի, Գէորգ Մալիքեանի եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ողջոյնի խօսքերը։ Գարակէօզեանցիներու հաւաքի ծրագիրը այնպէս մը պատրաստուած էր, որ բոլորը զանազան խորհրդանշաններով հաղորդ դարձան դպրոցի անցեալին եւ խորհրդանը-շած աւանդութեան։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ուշագրաւ էին ներկայաց-ւած տեսաերիզները։ Անոնցմէ մէկուն մէջ այսօրուան աշակերտները խօսք ուղղեցին հանգուցեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանին։ Ուրիշ տեսաերիզի մը մէջ նախկին շրջանաւարտներ վկայութիւններով հանդէս եկան դպրոցի պաշտօնէութեան մասին։ «Տեւողութիւն 60 վայրկեան» խորագրեալ լուսանկարներու ցուցադրութիւնը եւ «Մեր տունը. շրջանաւարտներու յուշեր» խորագրեալ կարճաժամկէտ ժապաւէնը եկան թէ՛ թարմացնել անցեալի վերաբերեալ յիշողութիւնները եւ թէ ամբողջացնել հաստատութեան առաքելութեան վերաբերեալ ընկալումները։ Նոյն ծիրին մաս կազմեց այլ կարճաժամկէտ ժապաւէն մը՝ «Կրթութիւն, ուսուցիչ, հսկիչ» անունով։ «Գարակէօզեանէն հետքեր» խորագրեալ հին դրուագներու ցուցադրութիւնն ալ բոլոր մասնակիցներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՝ շրջանաւարտից հաւաքին օրը։ Ի լրումն այս բոլորին, նախկին տնօրէններու օրագրութիւններէն էջերը յաչս մասնակիցներուն իսկապէս չափազանց հետաքրքրական էին։ «Բաղնիքը շրջանաւարտներու աչքով» բաժինն ալ առիթ հանդիսացաւ բոլորի յուշերու վերակենդանացման։

Լառա Նարին եւ Արի Հերկել հանդէս եկան երաժշտական կատարումներով։

Գարակէօզեանցիներու այս տարուան հաւաքին ժամանակ մեծարուեցաւ յայտնի նկարիչ Էրօլ Սարաֆեան։ Արդարեւ, ան պատրաստած էր Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ամոլին մեծադիր իւղաներկ պաստառը, որ ներկայիս կը զարդարէ համանուն գեղարուեստական աշխատանոցի պատը։ Էրօլ Սարաֆեան այս առթիւ ստացաւ Գարակէօզեանի ընտանիքին անունով պատրաստըւած յուշանուէր մը՝ առ ի շնորհակալութիւն իր տարած ստեղծագործական աշխատանքին։

Յայտագրի գործադրութենէն դուրս, բոլոր գարակէօզեանցիներուն տեսակէտէ մասնաւոր հաճոյք մըն էր դպրոցի շէնքէն ներս կատարուած շրջայցը։ Արդարեւ, դասընկերներով կատարուած այդ շրջայցները հնարաւորութիւն ընձեռեցին թէ՛ անցեալը վերյիշելու եւ թէ ականատես դառնալու Գարակէօզեանի արձանագրած վերելքին։

     

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018