ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ «ԶԱՊԷԼ» ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։ Այսպէս, «Պողազիչի» ցուցադրական արուեստի խումբը ներկայացուց «Զապէլ» թատերախաղը, որ կը վերաբերի հայ գրականութեան տիտաններէն Զապէլ Էսայեանի կեանքին ու գործունէութեան։ 2015 թուականէն ի վեր այս թատերախումբը կը ներկայացնէ խաղը։ Դերակատարներէն Այսէլ Եըլտըրըմ եւ Տույկու Եալեանօղլու մասնաւորապէս ուսումնասիրած են մեծ գրողի կեանքը։ Հանդիսատեսները հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով հետեւեցան այս ներկայացման եւ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին թատերախումբը։

«Զապէլ»ի ներկայացումը պիտի կրկնուի յառաջիկայ երկուշաբթի, 18 փետրուարին։

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019