ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ՔԱՂԱՔՍ ԵՒ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ երեկոյեան քաղաքս ժամանեց՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութեան վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններուն։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս կիրակի պիտի կատարէ հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վերջին օծումը։ Իրեն կ՚ընկերանայ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը այս առաւօտ այցելեց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Այս առթիւ Նուրհան Պատրիարք ցաւակցութիւն յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Իր կարգին, ընդհանուր փոխանորդն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Երուսաղէմի Ս. Աթոռի գահակալին՝ ներկայ սուգի օրերուն բերուած եղբայրական զօրակցութեան համար։

Յուղարկաւորութենէն առաջ քաղաքս պիտի ժամանեն նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2019