ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ

Շիշլի մարզակումբը անցեալ շաբաթավերջին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպեց արագ ճատրակի մրցաշարք մը, որու հասոյթը կը տրամադրուի աղէտեալներուն։ Երկրաշարժին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Շիշլիի վարչութիւնը յանձնառութիւնով հանդէս եկած է՝ աղէտեալներուն զօրակցելու նպատակով։ Այսպէս, արագ ճատրակի մրցաշարքը կազմակերպուեցաւ ակումբի վարչութեան եւ «Umuda Hamleler» խմբաւորման համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Մրցաշարքին մասնակցեցաւ 40 մարզիկ՝ առանց տարիքային սահմանափակումի։ Մասնակցութեան վճարումները ամբողջութեամբ կը յատկացուին աղէտեալներու կարիքներու դիմագրաւման նպատակին։

Ձեռնարկի մրցանակաբաշխման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, փոխ-ատենապետ Արթօ Փեհլիվանեան, փոխ-ատենապետ Զարեհ Քարաքաշ, ատենադպրուհի Տիանա Ալթուն, ակումբի այլ վարչայիններ, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային ճատրակի դաշնակցութեան հաշմանդամներու յանձնաժողովի անդամներէն Սեչքին Սերփիլ։

ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Միւս կողմէ, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ներկայացուցիչները մասնակցութիւն բերին Պէյօղլու մարզակումբի հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկին։ Այսպէս, ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, ատենադպրուհի Տիանա Ալթուն եւ վարչութեան թենիսի համակարգող Սելին Կեզէրօղլու Պէյօղլու մարզակումբի յոբելենական ձեռնարկին մասնակցելով յղեցին յաջողութեան եւ յարատեւութեան մաղթանքներ։ Հաւաքոյթի տեւողութեան Պէյօղլու մարզակումբի վարչութեան նախագահ Անտրէա Ռոմպոփուլոս ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին Շիշլիի ներկայացուցիչներն ալ ամպիոն հրաւիրեց՝ որպէս եղբայրական մարզակումբի պատասխանատուներ։ Այս փուլին Ալէն Թեքպըչաքն ալ հրապարակաւ իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթանքը արտայայտեց Պէյօղլու մարզակումբի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2023